image

Մայքլ Կարապետ՝ Սան Տիէկօ գաւառի գերագոյն ատեանի դատաւոր

Մայքլ Կարապետ՝  Սան Տիէկօ գաւառի գերագոյն ատեանի դատաւոր

Մայքլ Կարապետ, փորձառու դատավարական իրաւաբան եւ դաշնակցային մակարդակի օգնական դատախազ, կառավարիչ Կեւըին Նիւսըմի կողմէ նշանակուած է իբրեւ Քալիֆորնիոյ Գերագոյն ատեանի դատաւոր՝ Սան Տիէկօ գաւառին համար։

Հայ իրաւաբանական միութիւնը եւ անոր Դատական գնահատման կանձնախումբը  աջակցեցան Կարապետի նշանակման՝ նշելով իրաւաբանական ոլորտէն ներս անոր աւելի քան 22 տարուան փորձառութիւնը, դատարանային փորձագիտութիւնը, հանրային ծառայութիւնը, ազնուութիւնը եւ լաւ դատելու նկարագիրը, զինք նկատելով «բացառիկօրէն որակաւորուած» եւ վստահութիւն յայտնեց, որ ան լաւապէս պիտի սպասարէ նահանգին։

Կարապետ 2015էն ի վեր դաշնացային օգնական դատախազ մըն է նահագնին հարաւային շրջանին մէջ՝ Միացեալ Նահանգները ներկայացնելով բարդ քաղաքացիական դատերու ընթացքին, որոնք կը վերաբերին սահմանադրական պահանջներու, աշխատանքային վէճերու, վնասուց հատուցման դիմումներու եւ այլ կարեւոր հարցերու։ Ան նաեւ դատեր ներկայացուցած է դաշնացային Վերաքննիչ դատարանի 9րդ շրջանի ատեանին։ Նախքան հանրային ծառայութեան անցնիլը, Կարապետ գործընկեր էր Reed Smith LLP իրաւաբանական հաստատութեան մէջ, ուր զբաղած է ստեղծագործական սեփականութեան, աշխատանքային, առեւտրական եւ գործարարական բարդ վէճերով։

2023էն ի վեր, Կարապետ նաեւ ծառայած է իբրեւ ժամանակաւոր դատաւոր (Judge Pro Tem) Սան Տիէկոյի Գերագոյն ատեանին մէջ։

Իբրեւ Լիբանանէն քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն քիչ առաջ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած հայ գաղթականի մը որդի, Կարապետ խոր հաւատք եւ յարգանք զարգացուցած է իրաւունքի գերակայութեան, հաւասար հնարաւորութիւններու եւ զօրաւոր ժողովրդավարական հաստատութիւններու կարեւորութեան հանդէպ։ Ոգեշնչուած ըլլալով խտրականութեան ենթարկուելու իր հօր փորձառութիւններէն եւ ամերիկեան իրաւական համակարգին ընձեռած ազատութիւններուն ու պաշտպանութեան հանդէպ ունեցած խոր յարգանքէն՝ ան իր ասպարէզը նուիրած է հանրային ծառայութեան։