Տեղական «Էմի» մրցանակներու արժանացած հեղինակաւոր լրագրող Անուշ Էլպաքեան նշանակուած է «Պոսթըն Կլոպ» օրաթերթի տեսանիւթերու ռազմավարութեան գլխաւոր տնօրէն։
Պաշտօնի այս բարձրացումով, ան պիտի ղեկավարէ «Պոսթըն Կլոպ»ի տեսանիւթերու ռազմավարութիւնը։ Ան պիտի գործակցի լրատուական, արտադրութեան, ունկնդիրներու եւ տնտեսական խումբերուն հետ՝ ձեւաւորելու համար թերթին լրագրութիւնը տեսանիւթերու միջոցով իր հետեւորդներուն հասցնելու միջոցները։
Թերթին Թուային ռազմավարութեան գլխաւոր խմբագիր Ճէյսըն Թուհի դրուատեց Էլպաքեանի որոշիչ ազդեցութիւնը լրատուամիջոցին զարգացման վրայ, յատկապէս զայն բազմամիջոց (multimedia) դարձելու առումով։
2012ին, իբրեւ վարժողական ծրագրի մասնակից միանալով հրատարակութեան՝ Էլպաքեան աւելի քան տասնամեակ մը զարգացուցած է թերթին տեսանիւթերու բաժանմունքը, օրական դրութեամբ տեսանիւթերու լրատուական գործողութիւնները ձեւաւորելով եւ ինքնատիպ տեսողական ծրագիրներ ղեկավարելով։
Էլպաքեանի գործը կ՛ընդգրկէ հրատապ լուրեր, հետաքննութիւններ, յատուկ յօդուածներ եւ ընկերային ցանցերու տեսանիւթեր։ Ան առանցքային դեր ունեցած է «Կլոպ»ի ամէնէն կարեւոր լուսաբանումներէն մի քանիին մէջ։
Էլպաքեանի աշխատանքը արժանացած է Նիւ Ինկլընտի 10 «Էմի» մրցանակներու, National Edward R. Murrow չորս մրցանակներու, Առցանց լրագրութեան երեք մրցանակներու եւ Scripps Howard-ի անուան «Նորարարութեան» մրցանակին։