image

Մահացած է Բաղդասարեան Օհանը

Մահացած է Բաղդասարեան Օհանը

 Հայաստանի մէջ (Էջմիածնի շրջան) իր մահկանացուն կնքած է Բաղդասարեան Օհանը։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 

 Արմատներով Սասնոյ զաւակ Բաղդասարեան Օհանը ծնած էր Թալինի Վերին Սասունիկ գիւղին մէջ։

 Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցած են Աշտարակի Սուրբ Մարինէ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք անոր մարմինը ամփոփուած է Սասունիկի ընտանեկան դամբարանին մէջ։

 

 Նշենք, որ ան եղած է ընտանիքի պարտաճանաչ հայր եւ հայեցի դաստիարակութեամբ օժտած իր զաւակները։

 

 Հանգուցեալը տարեկան էր 77 տարեկան էր։

 

 Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն եւ մասնաւորապէս Երուսաղէմի Պատրիարքական Աթոռի Դիւանապետ Տ. Յովնան վրդ. Բաղդասարեանին։