Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այցելած են բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքներ: Անոնց առաջին կանգառը եղած է Վարանդայի շրջանը, որ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է 2020 թուականի հոկտեմբերին:
Լուքաշենքօն եւ Ալիեւը այցելած են նաեւ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաք: Անոնք ուսումնասիրած են Շուշիի բնակելի թաղամասերէն մէկը:
Հաղորդուած է նաեւ, որ Պելառուսիոյ նախագահը քաղաքին նուիրած է պելառուսական թրաքթորային սարք։
Մայիս 16-ին երկու երկրի ղեկավարներու պաշտօնական բանակցութիւններու ընթացքին Ալիեւ հետաքրքրութիւն յայտնած է պելառուսական ընկերութիւններու եւ ձեռնարկութիւններու նկատմամբ, որոնք կը մասնակցին բռնագրաւուած տարածքներու յետպատերազմեան վերականգնման։
Իր հերթին, Լուքաշենքօն ընդգծած է, որ Պելառուսիան պատրաստ է բարեկամաբար ցուցաբերել հնարաւոր բոլոր օգնութիւնները:
«Մեր եղբայրական առաջարկը. եթէ մենք կարենանք բարեկամական հիմունքներով մասնակցիլ վերականգնման, ապա պատրաստ ենք»,- ըսած է ան: