image

Լուքաշենքօն 7-րդ անգամն ըլլալով դարձաւ նախագահ 

Լուքաշենքօն 7-րդ անգամն ըլլալով դարձաւ նախագահ 

Յունուար 26-ին կայացած ընտրութիւններուն Պելառուսիոյ նախագահ ընտրուած Ալեքսանտր Լուքաշենքօն պաշտօնապէս ստանձնած է երկրի նախագահի պաշտօնը:

Ան Պելառուսիան կը ղեկավարէ 1994-էն եւ այս պաշտօնին անընդմէջ ընտրուած է 7 անգամ:

Նախագահի երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Մինսքի Անկախութեան պալատին մէջ։

Երկրի բարձրագոյն պաշտօնեաներու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հրաւիրեալներու ներկայութեամբ Լուքաշենքօն, աջ ձեռքը դնելով Պելառուսիոյ Սահմանադրութեան վրայ, երդուած է հաւատարմօրէն ծառայել ժողովուրդին, յարգել եւ պաշտպանել մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, պահպանել եւ պաշտպանել Սահմանադրութիւնը։