image

Ալֆորվիլ. ՍԴՀԿ-ի կողմէ առաջադրուած Սարօ Մարտիրեան եւ Լենա Մելքոնեան ընտրուեցան քաղաքապետական խորհուրի անդամ(Լուսանկար)

 Ալֆորվիլ. ՍԴՀԿ-ի կողմէ առաջադրուած Սարօ Մարտիրեան եւ Լենա Մելքոնեան ընտրուեցան քաղաքապետական խորհուրի անդամ(Լուսանկար)

Ֆրանսայի հայահոծ Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետական ընտրութիւնները դարձան քաղաքական կարեւոր հանգրուան մը, ուր տեղական հանրութիւնը վերահաստատեց իր վստահութիւնը գործող ղեկավարութեան եւ անոր ներկայացուցած ծրագրին նկատմամբ։ Այս ընտրութիւնները նաեւ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցան համայնքային մասնակցութեան եւ հայ քաղաքական ներկայութեան առումով։

Այս ծիրին մէջ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Ֆրանսայի շրջանի Վարիչ մարմինը հաղորդագրութեամբ մը անդրադարձաւ ընտրութիւններուն՝ ողջունելով Լիւք Քարվունասի գլխաւորած ընտրացանկին յաղթանակը եւ շնորհաւորելով քաղաքապետն ու նորընտիր խորհուրդի անդամները՝ բնակչութեան կողմէ ցուցաբերուած վստահութեան համար։ Կը նշուի, որ յաղթանակ տարած ցուցակին մէջ  կ՚առանձնանան երկու հայրենակիցներ, որունք ընտրութիւններուն ներկայացան, որ ՍԴՀԿ-ի կողմէ առաջադրուած թեկնածուներ։ 

 Անոնք են ՝ համայնքային յարգուած գործիչներ՝ Լենա Մելքոնեան եւ Սարօ Մարտիրեան։

Ստորեւ այս մասին ՍԴՀԿ-ի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը 

«Հնչակեան կուսակցութիւնը հպարտ է, որ քաղաքապետական նորընտրիր խորհուրդի մեծամասնութեան կազմին մէջ ունի իր երկու ներկայացուցիչները՝ Լենա Մելքոնեանն ու Սարօ Մարտիրեանը։ Անոնց նուիրուածութիւնը կը համապատասխանէ քաղաքացիական ներգրաւուածութեան եւ հանրային պատասխանատուութեան աւանդոյթին, որ բնորոշ է կուսակցութեան պատմութեան։ Այս յաղթանակը կը վկայէ համերաշխութեան, ընկերային արդարութեան եւ առաջընթացի արժէքներու վրայ հիմնուած նախագիծի մասին, որուն մեր կուսակցութիւնը կը շարունակէ խորապէս հաւատարիմ մնալ։ Ան կ’արտացոլէ նաեւ Ալֆորվիլի բնակչութեան ցանկութիւնը՝ շարունակել քաղաքացիներուն բարօրութեան, համախմբուածութեան եւ քաղաքի զարգացումին վրայ հիմնուած քաղաքապետական գործունէութիւնը»։