image

Անօրէն կերպով ...بالحرام

Անօրէն կերպով ...بالحرام

«Պըլհարամ»ը կարելի է համարել համարձակ եւ ժամանակակից լիբանանեան տրամա, որ յանդգնօրէն կ’անդրադառնայ հասարակութեան թաքուն խնդիրներուն։ Ֆիլմաշարի հիմնական արժէքը կը կայանայ կերպարներուն մարդկային եւ հոգեբանական խոր ներկայացման մէջ։ Անոնք ոչ միայն «լաւ» կամ «վատ» կերպարներ են, այլ բարդ ու բազմաշերտ անհատներ, որոնք կը ստիպեն դիտողին մտածել բարոյական ընտրութիւններու, մարդկային արժանապատուութեան եւ արդարութեան մասին։

Ծանր փորձութիւններու մէջ գտնուող մարդիկ իրենց ցաւերուն ու պայքարին մէջ տակաւին կը փնտռեն հաւատք, յոյս եւ նոր սկիզբ։

Տեսնենք՝ ի՞նչ նոր անակնկալներ եւ բացայայտումներ պիտի բերեն յաջորդ մասերը։

 

Մինչ աշխարհը կը գտնուի լարուած մթնոլորտի մը մէջ, օրերս ցուցադրուող «Անօրէն կերպով» («Պըլհարամ») ֆիլմաշարը եւս կը պահէ դիտողը լարուած վիճակի մէջ։  Տեսաշարը  կը բացայայտէ ժամանակակից հասարակութեան մէջ տեղի ունեցող բարդ մարդկային յարաբերութիւնները՝ ներկայացնելով սիրոյ, դաւաճանութեան եւ մարդկային պայքարի պատմութիւններ, ինչպէս նաեւ այն հարցերը, որոնց մասին հասարակութիւնը յաճախ կը նախընտրէ լուռ մնալ։

Լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» հեռուստակայանէն ցուցադրուող  մարդկային այս տրաման կը պատմէ Միջին Արեւելքի իրականութեան մէջ ապրող մարդոց եւ անոնց զգայուն ու բարդ խնդիրներուն մասին։ Ֆիլմաշարը կը ներկայացնէ կերպարներ, որոնք ծանրաբեռնուած են հոգեբանական եւ մարդկային ցաւերով եւ կը փորձեն փրկուիլ իրենց դաժան ճակատագիրներէն՝ փնտռելով նոր սկիզբ աշխարհի մը մէջ, որ միշտ ալ գթասիրտ չէ։

Գլխաւոր դերերուն մէջ կը մասնակցին լիբանանեան տրամայի շատ յայտնի դերասաններ։ Գլխաւոր դերասանուհի Մակի Պու Ղըսն կը մարմնաւորէ «Ժուտ» անունով կերպարը։ Ան հարցազրոյցի մը ընթացքին կը նշէ, որ այս կերպարը պարզ դեր մը չէ, այլ  կնոջ մէջ միաւորուած բազմաթիւ կիներու փորձառութիւններու խտացումը։ Ան նաեւ կը բացատրէ, որ իր կապը «Պէյթ Սապահ»ին՝ (Սապահի տան) հետ,  պարզ կապ մը չէ, այլ ճակատագրական կապ մը, որ տարբեր անձեր կը միաւորէ մէկ տարածքի մէջ, ուր տունը կը դառնայ այլ տեսակ «ընտանիք» մը։

Պու Ղըսն նաեւ կ’աւելցնէ, որ ֆիլմաշարը կը ներկայացնէ «մարդկային կրկէս»ի գաղափարը, ուր օտար մարդիկ իրենց ցաւերու եւ փորձառութիւններու միջոցով կը դառնան բարեկամներ եւ նոյնիսկ հարազատներ։ Ան կը շեշտէ, որ գործը կը խօսի ընկերային ցաւալի եւ երբեմն լռեցուած խնդիրներու մասին, որոնց վրայ լոյս սփռելը անհրաժեշտ է հասարակական իրազեկում ստեղծելու համար։ «Պիլհարամ» անունը դիտմամբ ընտրուած է՝ որպէս ցնցող, բայց նաեւ մտածուած վերնագիր մը։

Պատմութեան դէպքերը կը կեդրոնանան Ժուտին շուրջ, որ կ՚աշխատի շրջիկ թատերախումբի մը մէջ։ Թատերախումբին մէջ տեղի ունեցած յանկարծակի ողբերգութենէ մը ետք ան կը ստիպուի դիմագրաւել իր ցաւոտ անցեալը եւ անարդարութեամբ լեցուն ներկան։ Այդ ընթացքին է, որ կը սկսի վտանգաւոր ճամբորդութիւն մը՝ բացայայտելու ճշմարտութիւն մը, որ կապուած է թէ՛ իր կեանքին եւ թէ իր շուրջ գտնուող մարդոց ճակատագիրներուն։

Շատ հետաքրքրական այս ֆիլմաշարին մէջ կը հանդիպինք բազմաթիւ իրավիճակներու, ուր մարդիկ կը գտնուին բարոյական ընտրութիւններու դիմաց՝ բարիի եւ չարի, ճշմարտութեան եւ խաբէութեան միջեւ։

Պատմութիւնը կը դառնայ ընտանիքներու եւ անհատներու շուրջ, որոնք արտաքնապէս խաղաղ վիճակի մէջ կը թուին ըլլալ, սակայն իրականութեան մէջ կը պահեն խոր գաղտնիքներ եւ ներքին պայքարներ։ Սէր, դաւաճանութիւն, վստահութիւն եւ մեղքի զգացում՝ այս բոլոր թեմաները կեդրոնական տեղ կը գրաւեն գործին մէջ։

«Պըլհարամ» վերնագիրը կը խորհրդանշէ այն բաները, որոնք հասարակութեան մէջ անօրէն, արգիլուած կամ անընդունելի կը համարուին, սակայն իրականութեան մէջ կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ։ Ֆիլմաշարը կը փորձէ բացայայտել այդ թաքուն իրականութիւնները եւ ցոյց տալ, թէ ինչպէս մարդոց որոշումները կրնան փոխել մարդկային կեանքեր։

Այս պատճառով ալ ֆիլմաշարը մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ դիտողներուն մօտ, որովհետեւ կը շօշափէ զգայուն եւ երբեմն լռութեան մատնուած նիւթեր։ Հոն կը քննարկուին նաեւ շարք մը հասարակական խնդիրներ՝ դաւաճանութիւն, կաշառակերութիւն, հասարակական կեղծաւորութիւն եւ բարոյական արժէքներու ու շահերու միջեւ բախում։

«Պըլհարամ»ը կարելի է համարել համարձակ եւ ժամանակակից լիբանանեան տրամա, որ յանդգնօրէն կ’անդրադառնայ հասարակութեան թաքուն խնդիրներուն։ Ֆիլմաշարի հիմնական արժէքը կը կայանայ կերպարներուն մարդկային եւ հոգեբանական խոր ներկայացման մէջ։ Անոնք ոչ միայն «լաւ» կամ «վատ» կերպարներ են, այլ բարդ ու բազմաշերտ անհատներ, որոնք կը ստիպեն դիտողին մտածել բարոյական ընտրութիւններու, մարդկային արժանապատուութեան եւ արդարութեան մասին։

Ծանր փորձութիւններու մէջ գտնուող մարդիկ իրենց ցաւերուն ու պայքարին մէջ տակաւին կը փնտռեն հաւատք, յոյս եւ նոր սկիզբ։

Տեսնենք՝ ի՞նչ նոր անակնկալներ եւ բացայայտումներ պիտի բերեն յաջորդ մասերը։

 

Նաթալի Քէնտիրճեան