Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Ինչպէս Սուրիոյ, Իրաքի, Իրանի անգամ Իսրայէլի ու ամենաշատը եւ տարբեր առիթներով՝ Լիբանանի մէջ զանազան հանգամանքներու տակ զոհուած են հայ երիտասարդներ, մեծահասակներ, մէկ խօսքով զէնք բռնելու ունակութիւն ունեցող անհատներ։
Ոչ մէկ անգամ սակայն անոնք չեն ներկայացուցած ու չեն կրնար ներկայացնել հայութեան ամբողջական կեցուածքն ու տեսակէտը։
Լիբանանի փորձը այս առումով «ամենահարուստ»ն է անշուշտ եւ ամէնէն ուսանելին։
Լիբանանահայութիւնը շատ ճիշդ կերպով բնութագրած է դէպքերը ու նաեւ միշտ ալ կողմ եղած է երկխօսութեան, տիալոկին եւ հարցերը առանց բռնութեան լուծելու ճիշդ մօտեցումին։
Միւս կողմէ հայութիւնը (մանաւանդ այս բարդ օրերուն) չի կրնար երկրի կառավարութեան, վարչապետին ու նախագահին համախոհը եւ գործակիցը չըլլալ…։
Գիտեմ, որ բարդ բան է ըսածս, շատ լաւ կը գիտակցիմ, որ զոհն ու նահատակը յարգանքի արժանի են, ինչպէս այսօրուայ պարագան, սակայն անոնք ոչ մէկ անգամ հայութիւնը կը ներկայացնեն։
Ես վստահ եմ, որ լիբանանահայութեան ստուար զանգուածը դէմ է այս պատերազմին, ինչպէս որ դէմ էր 51 տարի առաջ այս օրը Լիբանանի մէջ ծագած քաղաքացիական պատերազմին (13 Ապրիլ 1975-ին) ու միշտ ալ սատարած է երկրի օրինական եւ օրինապահ մարմիններուն։
Այս մօտեցումը այլընտրանք չունի եւ չի կրնար ունենալ։
Ինչպէս Իրանի մեր հայրենակիցները իրենց պետութեան եւ իշխանակարգին կը սատարեն, այնպէս ալ Լիբանանի մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը սատարեն Լիբանանի Հանրապետութեան։
Վերջակէտ։