«Արեւելք»,- (Արաբական աղբիւրներ) Սկսեալ այս գիշերէն՝ Լիբանանի մէջ կրնայ հրադադար յայտարարուիլ։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ Al Mayadeen լրատուամիջոցը յղում կատարելով իրանական Tasnim գործակալութեան։
Կը նշուի նաեւ, որ հրադադարի վերաբերեալ նախնական պայմանաւորուածութիւնը նախատեսուած է մէկ շաբթուան համար։
Նոյն աղբիւրը կը նշէ, թէ այս քայլը մաս կը կազմէ աւելի լայն համաձայնութեան մը, որ առնչուած է Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ընթացող զինադադարի գործընթացին։
Հրադադարը, եթէ հաստատուի եւ պահպանուի, կրնայ որոշ չափով թեթեւցնել Լիբանանի հարաւային շրջաններու լարուած իրավիճակը, ուր վերջին շրջանին արձանագրուած են շարունակական բախումներ եւ աւերածութիւններ։
Այս զարգացումը յոյս կը ներշնչէ, թէ կարելի է, թեկուզ ժամանակաւոր կերպով, դադարեցնել բռնութիւնները եւ բանալ դիւանագիտական լուծումներու ճանապարհը։