Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Լագիսեան վերջերս այցելած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Ընկերակցութեան Միութեան՝ (AMAA) կեդրոնատեղին, ուր նուիրատուութիւն մը յանձնեց՝ Լիբանանի Այնճար հայաւանի ուսանողներուն աջակցելու նպատակով։ Այս քայլը ոչ միայն մարդասիրական աջակցութիւն է, այլ նաեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ անցեալի բարերարներուն հանդէպ եւ ներդրում՝ ապագայ սերունդի կրթութեան մէջ։
Ստորեւ այդ մասին տրուած լրատւութիւնը՝
Տէր Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Այցելած է AMAA-ի կեդրոնատեղին՝ աջակցելու Անճարի ուսանողներուն
Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլին Տէր Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Լագիսեան այցելեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Ընկերակցութեան Միութեան (AMAA) կեդրոնատեղին, որ կը գտնուի Paramus քաղաքին մէջ, ուր հանդիպեցաւ կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն եւ գլխաւոր պաշտօնատար՝ Տիար Սերժ Պուչաքճեանի, եւ յանձնեց նուիրատուութիւն մը՝ նուիրուած Լիբանանի Այնճար հայաւանի ուսանողներուն։
Տէր Հօր կ՚ուղեկցէր Լիզա Եսայեան՝ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ, մինչ հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ Միութեան ֆինանսական տնօրէն՝ Ներսէս Ռաստկելենեան։ Հանդիպման ընթացքին Տէր Մեսրոպ եւ Տիար Պուչաքճեան վերապրեցան իրենց մանկութեան տարիները Լիբանանի մէջ եւ Ամերիկայի մէջ իրենց առաջին քայլերը։ Տէր Հայրը կիսուեցաւ իր խոր անձնական կապերով Անճարի Աւետարանական եկեղեցւոյ եւ վարժարանին հետ։ Ան մեծցած է այդ վարժարանին մօտակայքը եւ իր չորս եղբայրներուն հետ միասին ստացած է իր նախնական կրթութիւնը այդ օճախին մէջ։
Տէր Մեսրոպ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց այն բարերարներուն, որոնց աջակցութիւնը իր պատանեկութեան տարիներուն հնարաւոր դարձուցած է, որ իր ընտանիքին նման ընտանիքներ բարձրորակ կրթութիւն ստանան եւ յաջողութեան ուղիով ընթանան։ Այս նուիրատուութեամբ, Տէր Հայրը նշեց, թէ եկեղեցին կը փորձէ վերադարձնել այդ բարերարութիւնը՝ աջակցելով Անճարի ներկայ սերունդի ուսանողներուն, որպէսզի անոնք կարողանան շարունակել իրենց ուսումը՝ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած լուրջ դժուարութիւններուն։
Տէր Հայրը նաեւ առիթ ունեցաւ հանդիպելու տիկ. Կիլտա Գիւբէլեանն, որ անցեալին աշխատակցած է Առաջնորդարանին մէջ եւ այժմ կը ղեկավարէ Միութեան հարուստ գրադարանը։ Տեղի ունեցաւ շրջայց, ուր ցուցադրուած են հայկական գրականութեան եւ տարբեր լեզուներով պահպանուած պատմական Աստուածաշունչներու տպաւորիչ հաւաքածոն։
Օրը դարձաւ գեղեցիկ յիշեցում մը այն խոր կապերուն, որոնք կը միացնեն հայ ժողովուրդը՝ հաւատքի եւ ժառանգութեան մէջ, ինչպէս նաեւ առաքելական եւ աւետարանական համայնքներու միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական կապերն ու եղբայրական համագործակցութիւնը։
AMAA-ն հիմնադրուած է 1918-ին՝ Worcester քաղաքին մէջ, նպատակ ունենալով օգնութիւն եւ յոյս բերել Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք տեղահանուած հայերուն։ Այսօր Միութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ծառայելով աշխարհի 24 երկիրներու մէջ ապրող հայերուն՝ հոգեւոր եւ նիւթական կարիքներուն։
Պրն. Պուչաքճեան փոխարինած է հանգուցեալ Զաւէն Խանճեանը, որ մահացած է 2024-ի Օգոստոսին՝ երկար տարիներ նուիրեալ ծառայութենէ ետք, տասը տարիներ ծառայելով որպէս Միութեան ղեկավար։