image

Պելժիոյ «թրքական գիւղ»ը, ուր ո՛չ մէկ թուրք կ՚ապրի

Պելժիոյ «թրքական գիւղ»ը, ուր ո՛չ մէկ թուրք կ՚ապրի

Անատոլու գործակալութիւն.- Պելժիոյ ֆրանսախօս Վալոնիա շրջանին Ֆեյմոնվիլ գիւղը տարիներ շարունակ ծանօթ է որպէս «թրքական գիւղ», թէեւ հոն ո՛չ մէկ թուրք կը բնակի։

Այս փոքր բնակավայրը կը պատկանի Լիէժ նահանգի Վայմս համայնքին, ունի ընդամէնը 900 բնակիչ։ Գիւղը իւրայատուկ է ո՛չ միայն բնութեամբ, այլ նաեւ իւրայատուկ խորհրդանիշերով։ Գիւղի մէջ յաճախ կարելի է տեսնել մահիկ եւ աստղ պատկերող նշաններ, իսկ ֆութպոլային ակումբը կը կրէ «Թուրքանիա» անունը։

Գիւղի թրքական ծագումի վերաբերեալ քանի մը վարկածներ մէջտեղ կը քշուին։ Ամենատարածունը կը վերաբերի միջնադարուն, երբ, ըստ աւանդութեան, գիւղի բնակիչները հրաժարած են խաչակրաց արշաւանքներուն մասնակցելէ կամ հարկ վճարելէ՝ Օսմանեան կայսրութեան դէմ պատերազմներու համար։ Այդ պատճառով հարեւան բնակավայրերը այդ գիւղի բնակիչները սկսած են անուանել «թուրքեր», իսկ ժամանակի ընթացքին անուանումը դարձած է գիւղի բնակիչներու ինքնութեան մասնիկ։

Ֆեյմոնվիլի մասին շրջան կ'ընէ հետաքրքրական այլ պատմութիւն մը եւս։ Ըստ տարածուն վարկածի մը, Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին գիւղի մուտքին զետեղուած մահիկ ու աստղով խորհրդանիշերը կամ «թրքական» ինքնութեան շեշտադրումը նպաստած են որ գերմանական զօրքը «շրջանցէ» այդ գիւղը, զայն նկատելով «թրքական գիւղ» մը։ Թէեւ պատմաբաններ կը նշեն որ ասիկա թերեւս աւանդազրոյց մըն է, այնուամենայնիւ, այս վարկածը դարձած է գիւղի հաւաքական յիշողութեան ու ինքնագիտակցութեան կարեւոր տարր մը։

Ամէն տարի Փետրուարին, Ֆեյմոնվիլի մէջ կը կազմակերպուի փառատօն մը։ Տօնակատարութիւնները կ'ուղեկցուին կարմիր-ճերմակ խորհրդանիշերով, օսմանեան տարազներով։ Միջոցառման կը մասնակցին նաեւ Պելժիաբանակ ու Եւրոպաբնակ այլ թուրքեր։ Տեղացիները կը նշեն որ այս «թրքական» ինքնութիւնը դարձած է գիւղի մշակութային իւրայատկութիւնը։

Ներկայիս Ֆեյմոնվիլը կը նկատուի իւրօրինակ մշակութային երեւոյթ՝ եւրոպական միջավայրի մէջ ձեւաւորուած խորհրդանշական «թրքական ինքնութեամբ» մը։

 

Լուրը՝ «Նոր Մարմարա»էն