Կը ծրագրուի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի խօսակցութիւնը Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Այս մասին յայտնած է Իսրայելի նորարարութեան, գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու նախարար Կիլա Կամլիելը:
«Ես յոյս ունիմ, որ այս քայլը ի վերջոյ պիտի նպաստէ Լիբանանի՝ որպէս երկիր բարգաւաճման եւ զարգացման»,– ըսած է ան։
Ըստ Կամլիէլի, որ Իսրայէլի անվտանգութեան գրասենեակի անդամ կը հանդիսանայ, այս խօսակցութեան կազմակերպումը երկար ժամանակէ ի վեր կը նախապատրաստուի։
Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Նաթանիահուն եւ Աունը բանակցութիւններ պիտի վարեն Ապրիլ 16-ին։ Անոր խօսքով՝ սա պիտի ըլլայ Իսրայէլի եւ Լիբանանի առաջնորդներուն առաջին խօսակցութիւնը վերջին 34 տարիներու ընթացքին։