Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է, թէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ նոր բանակցութիւններ պիտի կայանան հինգշաբթի օր, այս անգամ՝ երկու երկիրներու առաջնորդներու անմիջական մասնակցութեամբ։
Թրամփ գրած է իր Truth Social հարթակին վրայ՝ շեշտելով, թէ նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի «քիչ մը շունչ առնելու կարելիութիւն ստեղծել» երկու կողմերուն միջեւ։ Ան նաեւ նշած է, որ շուրջ 34 տարիէ ի վեր Իսրայէլի եւ Լիբանանի ղեկավարները ուղղակի շփում չեն ունեցած։
«Կը փորձենք ստեղծել փոքրիկ դադար մը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ։ Արդէն երկար ժամանակ է, որ երկու երկիրներու առաջնորդները չեն խօսած իրարու հետ՝ մօտ 34 տարի։ Ասիկա պիտի պատահի վաղը։ Հիանալի է», գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը։
Թրամփ, սակայն, չէ յստակեցուցած, թէ ո՛ր վայրին մէջ պիտի կայանան բանակցութիւնները։
Մինչ այժմ ո՛չ իսրայէլեան, ո՛չ ալ լիբանանեան կողմերը հրապարակային մեկնաբանութիւններ չեն կատարած այս յայտարարութեան վերաբերեալ։