image

Ազունիէի հայ Ազգային Բուժարանին մէջ՝ Զատկական օրհնութիւն եւ հոգեւոր մխիթարութիւն․ Լուսանկարներ

Ազունիէի հայ Ազգային Բուժարանին մէջ՝ Զատկական օրհնութիւն եւ հոգեւոր մխիթարութիւն․ Լուսանկարներ

Լիբանանի Ազունիէի հայ Ազգային Բուժարանին մէջ Սուրբ Զատկուան տօնը նշուեցաւ հոգեւոր ջերմութեամբ եւ համայնքային համախմբուածութեան գեղեցիկ արտայայտութեամբ, կը տեղեկանանք Բուժարանէն։

Տօնական այս առիթով կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն, որուն ընթացքին օրհնուեցան հաստատութեան սրահներն ու բնակիչներու սենեակները՝ աղօթքի եւ խաղաղութեան մթնոլորտով լեցնելով ամբողջ տարածքը։

Նոյն առիթով տեղի ունեցաւ նաեւ ձիթենիի ճիւղերու օրհնութիւն, որ խորհրդանշեց խաղաղութիւն, յարութիւն եւ նոր կեանքի յոյսը։ Հոգեւորականին աղօթքներուն ուղեկցութեամբ, պատսպարեալներուն փոխանցուեցաւ տօնի խորհուրդը՝ յիշեցնելով Յարութեան լոյսը եւ անոր բերած հոգեւոր վերազարթօնքը։

Արարողութեան գագաթնակէտը հանդիսացաւ Սուրբ Հաղորդութեան բաժանումը, զոր ստացան բուժարանի պատսպարեալները՝ խոր հաւատքով եւ ներքին խոնարհութեամբ։

Այս հոգեւոր պահերը դարձան մխիթարութիւն եւ զօրակցութիւն՝ յատկապէս անոնց համար, որոնք իրենց առօրեան կ՚ապրին այս հաստատութեան պատերէն ներս։