Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին ընդունած է Փաքիստանի բանակի ընդհանուր սպայակոյտի պետ Ասիմ Մունիրը, որ Թեհրան ժամանած է Ուաշինկթընէն հաղորդագրութիւն փոխանցելու համար։ Ֆելտմարշալը դիմաւորելու տեսանիւթը՝ համապատասխան գրառումով, Արաքչին հրապարակած է X ընկերային հարթակին վրայ։
«Ես շնորհակալութիւն յայտնեցի Փաքիստանին՝ երկխօսութիւնը բարեհաճօրէն հիւրընկալելու համար՝ ընդգծելով, որ սա կ՚արտացոլէ մեր խոր եւ հրաշալի երկկողմ յարաբերութիւնները»,– գրած է Արաքչին Ապրիլ 15-ի երեկոյեան։
Ան նշած է, որ Իրանի եւ Փաքիստանի յանձնառութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը խթանելու հարցով, «կը մնայ ամուր եւ համատեղ»։
Իրանական Press TV-ն կը հաղորդէ, որ փաքիստանեան պատուիրակութեան այցելութեան նպատակը Միացեալ Նահանգներու ուղերձը Իրանի ղեկավարութեան փոխանցելն է եւ՝ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը ծրագրելը։
Միեւնոյն ժամանակ, Tasnim լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրան պաշտօնական գնահատում պիտի կատարէ՝ որոշելու համար, թէ արդեօք պիտի մասնակցի՞ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու յաջորդ փուլին։
«Փաքիստանի բանակի հրամանատար Ասիմ Մունիրի գլխաւորած փաքիստանեան պատուիրակութեան եւ իրանցի պաշտօնեաներու միջեւ այսօրուան հանդիպումէն ետք, իրանական խումբը պիտի կատարէ անհրաժեշտ վերլուծութիւն, որմէ ետք որոշում պիտի առնուի Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններու յաջորդ փուլին վերաբերեալ»,– գործակալութեան յայտնած է տեղեկացուած աղբիւրը։
Ան աւելցուցած է, որ Լիբանանի մէջ հրադադարը «դրական ազդանշան» պիտի ըլլայ Իրանի համար՝ բանակցութիւններու յաջորդ փուլին վերաբերեալ որոշում կայացնելու առումով։
Աւելի վաղ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էսմայիլ Պաղային յայտարարած էր, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ անուղղակի շփումները կը շարունակուին, եւ որ Թեհրան պիտի հիւրընկալէ փաքիստանեան պատուիրակութիւնը։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին յայտարարած է, որ առաջիկայ օրերուն Իրանի հետ բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ։