image

Լրտեսութեան մեղադրանքով Պոլսոյ մէջ Իրանի քաղաքացիներ ձերբակալուած են

Լրտեսութեան մեղադրանքով Պոլսոյ մէջ Իրանի քաղաքացիներ ձերբակալուած են

Թուրքիոյ Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան եւ ոստիկանութեան աշխատակիցները Վան նահանգին մէջ լրտեսական ցանց բացայայտած են:

Ուժայինները 8 մարդ ձերբակալած են, այդ շարքին՝ իրանեան յատուկ ծառայութիւններու երկու գործակալ: Կասկածեալներէն երկուքը Թուրքիոյ քաղաքացիներ են:

Կը հաղորդուի, որ խմբաւորման անդամները ձերբակալուած են 24 Սեպտեմբերին՝ իրանցի նախկին զինուորական Մ.Ա.-ն առեւանգելու եւ մեքենայով բռնութեամբ հայրենիք ուղարկելու փորձին համար: