image

Լիզպոնի տղոց յիշատակին ՝ հոգեհանգիստ Երեւանի մէջ

Լիզպոնի տղոց յիշատակին ՝ հոգեհանգիստ Երեւանի մէջ

Այսօր՝ 27 յուլիսին, ժամը 17։30-ին Երեւանի Սուրբ Զօրաւոր Մարիամ Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ (Ղազար Փարպեցի 9) ՀՅԴ ՀԵՄ-ի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է հոգեհանգիստի արարողութիւն։

27 յուլիս 1983-ին հինգ հայ երիտասարդ գրաւեց Լիզպոնի Թուրքիոյ դեսպանատան շէնքը՝ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հարցին սեւեռելու համար: Այդ գործողութիւնը պարզապէս խենթութիւն կամ արկածախնդրութիւն չէր: Տղաները կ'անդամակցէին Հայ Յեղափոխական բանակին, որ յանձն առած էր աշխարհին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յիշեցնելելով՝ իրագործել Հայ Դատի արդար լուծման հասնելու անհնարին թուացող առաքելութիւնը:

Լիզպոնեան հնգեակի սխրագործութիւնը օրինակ դարձաւ բազմաթիւ երիտասարդներու համար, որոնք շարունակեցին անոնց պահանջատիրութեան երթը: