Շատ ընկերներ, երէկ անձնական նամակով հարցումներ ըրին այն մասին, որ ինչ պատճառով էր Սուրիան քննադատող Լիբանանցիները լոյսի տակ առած էի։
Պատճառը ոչ միայն խորքային էր, այլ նաեւ անցնող ժամերուն ընթացքին Լիբանանին համար երեւցած յոյսի նշոյլին հետ կապ ունէր եւ այդ յոյսը «կը ծագէր» Սուրիայէն։
Խօսքը նոր նախաձեռնութեան մը մասին է, որուն ճամբով Լիբանան պիտի օժտուի կազով եւ ելեքդրականութեամբ եւ Յորդանանի ու Եգիպտոսի հեղուկ կազն ու ելեկտրականութիւնը Լիբանան պիտի հասնին Սուրիոյ վրայով։
Այս առումով ալ Լիբանանի պաշտ. Նախարար Զէյնա Աքքար, երէկ այցելեց Դամասկոս եւ ընդունուեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար ՝ Ֆայսալ Մըքտատին կողմէ։
Եղածը կը համարուի շրջադարձային, եթէ հաշուի առնենք, որ Սուրիոյ պատերազմի թէժացումէն ասդին երկու երկիրները պաշտօնական յարաբերութիւններ չունին։
Հեռու երթալէն առաջ նաեւ պէտք է հաշուի առնել, որ Լիբանան կը գտնուի բաւականին բարդ վիճակի մը մէջ եւ եթէ այս նախաձեռնութիւնը յաջողի ( Arab gasline -ի շնորհիւ) երկիրը կրնայ շունչ մը քաշել։
Քաղաքականութեան մէջ քինախնդրութիւնը, քէնը, ոխը կը հասկնամ, սակայն փաստը, որ հակառակ յաճախ իր գործած մեծ ու փոքր սխալներոուն Սուրիան անվտանգութեան եւ կայունութեան գործօն էր շրջանին մէջ, անհերքելի փաստ է։
Կրնաս չսիրել, նոյնիսկ ատել հարեւանդ, բայց եւ այնպէս պիտի նայիս նախ, թէ ինչ են քու կարողութիւններդ, ինչ է ներուժդ եւ ինչ են հարեւանէդ «օգտուելու» հնարաւորութիւններդ։
Չզարմանաք այս նախաձեռնութեան ետին կանգնած են ամերիկացիք, եւ այս թեման առաջին անգամ երեւան ելաւ, երբ ձեզմէ շատերուն համար անընդունելի համարուող «Հեզպոլլահ»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլան յայտարարեց Թեհրանէն դէպի Պէյրութ հասնող իրանեան նաւթատար նաւերու ժամանաման մասին։
Յստակ է, որ մեծ հաշուով Սուրիան շրջանային իր դերին կը վերադառնայ, ու բոլորը պարտաւոր են հաշուի նստիլ այդ դերին հետ։
Ատելութիւնը, քէնը, ոխը մէկդի դնելով կարելի է նոր եզրերու հասնիլ, մանաւանդ, որ Սուրիոյ դէմ եղած չարախօսութիւնները, կամ նոյնիսկ միջազգային մակարդակի դաւադրութիւնները նախ արդար ու տեղի չէին ու յետոյ ձախողեցան...
«Ստեղծարար քաոս»ի փուլը մեր ետին է ու աւելի քան վստահ եմ, որ Մերձաւոր Արեւելքը նոր ժամանակ կը մտնէ, իր բոլոր հարցումներով, անհարթ տեղերով ու մեխերով հանդերձ։
Համ էլ, բարի Կիրակի բոլորիդ։
Նիւթը ՝ Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն