Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն եւ Սէուտական Արաբիոյ վարչապետ, գահաժառանգ Մոհամմատ պըն Սալման պըն Ապտ ալ-Ազիզ հեռաձայնային զրոյց ունեցած են, որու ընթացքին քննարկած են տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները։ Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի նախագահի գրասենեակը։
Գահաժառանգը հաստատած է Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան աջակցութիւնը Լիբանանին։ Ան վերահաստատած է իրենց վճռականութիւնը Լիբանանի համար անհրաժեշտ բոլոր ոլորտներու մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցով՝ լիբանանեան կառավարութեան սահմանած առաջնահերթութիւններու համաձայն։
Գահաժառանգը նախագահ Աունը հրաւիրած է այցելելու Սէուտական Արաբիա՝ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր հարցերը քննարկելու համար։
Նախագահ Աունը շնորհակալութիւն յայտնած է իշխան Մոհամմատ պըն Սալման պըն Ապտ ալ-Ազիզին՝ Լիբանանին ցուցաբերած աջակցութեան եւ երկրի տնտեսութիւնը ամրապնդելու նպատակով ձեռնարկած քայլերուն համար։
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Սէուտական Արաբիա այցելելու հրաւէրին համար եւ ընդունած զայն։