image

Իսրայէլ նոր օդային հարուածներ հասցուցած է Լիբանանին

Իսրայէլ նոր օդային հարուածներ հասցուցած է Լիբանանին

Իսրայէլը նոր օդային հարուածներ հասցուցած է Հարաւային Լիբանանին՝ թիրախ դարձնելով «Հըզպալլա»-ի ենթակառուցուածքները։ Հարուածներէն առաջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը բնակիչներուն կոչ ըրած էր տարհանուելու Զահրանի գետէն հիւսիս գտնուող շրջանները։

Լիբանանի պետական լրատուամիջոցներու համաձայն՝ հարուածներ հասցուած են Տիւրոս քաղաքին եւ մերձակայ տարածքներուն, որու հետեւանքով շէնքերուն մէջ հրդեհներ բռնկած են։ Տեղացիները խուճապահար լքած են իրենց տուները, կը գրէ BBC-ն։

Իսրայէլը «Հըզպալլա»-ն մեղադրած է զինադադարը խախտելու մէջ, մինչ շարժումը կը յայտարարէ, որ իսրայէլեան ուժերուն հետ բախումներ տեղի ունեցած են։