Ընտանեկան բռնութեանց թեման նորութիւն մը չէ Լիբանանի պարագային։ Աւելի տխուր ու մտահոգիչ է այն, որ կարգ մը վարժարաններու մէջ (պետական կամ այլ) հանրութիւնը ականատես կը դառնայ ուսուցիչներու կողմէ կիրառուող բռնութեան մերժելի դէպքերու։
Օրերս նման ծանր դէպք մը ցնցած է Լիբանանի լայն հասարակութիւնը, երբ ծնողներ յաջողած են բացայայտել բռնութեան դէպք մը, որ գրանցուած է քրիստոնէական Ժտայտէ շրջանին մէջ գործող եւ Gardereve անունը կրող մանկամսուրին մէջ։
Մանրամասնութեանց մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ դայեակը կամ երեխաներուն հոգ տանող տիկինը բռնութեամբ եւ կոպիտ վարմունքով վարուած է մանուկներէն մէկուն հետ եւ այդ մասին ալ տարածուած է տեսանիւթ մը (տեսնել՝ ներքեւը)։
Ծնողներ տեսնելով նման ծանր յանցագործութիւնը դիմած են համապատասխան մարմիններու ու դատաիրաւական պատասխանատուներ արագ քայլերու երթալով յաջողած են փակել տալ մանկամսուրը։
Ըստ լիբանանեան աղբիւրներու եղած դէպքը նաեւ առիթ կրնայ հանդիսանալ, որ հասարակութիւնը ուշի ուշով հետեւի աւելի քան 500 մանկամսուրներու գործունէութեան, որոնք տարածուած են երկրով մէկ։
Ընտանեկան բռնութեան ծանր երեւոյթներուն վրայ նման դէպքի մը մասին եղած արտահոսքը, աւելիով կը լարէ առանց անոր ալ բարդ օրեր ապրող Լիբանանի «վիրաւոր» հասարակութիւնը։
فيديو صادم لمربّية تُعنّف أطفالاً في إحدى الحضانات في #لبنان..#أورينت pic.twitter.com/MLfwYD3aSE
— Orient أورينت (@OrientNews) July 10, 2023