Լիբանանէն մօտ 50 հրթիռ արձակուած է Իսրայէլի ուղղութեամբ, յայտնած է Sputnik Arabic-ը։
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի տուեալներով` այդ հարուածը խոշորագոյն ռմբակոծութիւնը եղած է ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն ի վեր։
Լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ ի պատասխան Իսրայէլը սկսած է հարուածներ հասցնել Լիբանանի հարաւային շրջաններուն:
Աւելի վաղ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին կարգադրած էր պատրաստուիլ որեւէ սենարի լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան հետ հակամարտութեան սրման պարագային: