image

Լիբանանցի մեծ երգիչը իր տարերքին մէջ

 Լիբանանցի մեծ  երգիչը իր տարերքին մէջ

 Արաբական  աշխարհի  մէջ   մեծ անուն եւ տեղ    ունեցող արժէքաւոր երգիչ   Ժորժ Ուասոուֆ     ունի հարիւրաւոր երգեր, եւ անոր հռչակը  չի  պարփակուիր միայն   Լիբանանի  կամ Սուրիոյ մէջ, այլ  ան կը համարուի   արաբական աշխարհի  մեծագոյն  ձայներէն մին,  այնքան մը որ զինք անուանած են «Սուլթան  ալ թարապ» («Երգի  Սուլթան»)։

Մեծ ուրախութեամբ   Լիբանանցի հանրայայտ  երգիչ Ժորժ Ուասուֆ ներկայ  եղած է իր անդրանիկ  զաւակի  պսակադրութեան  արարողութեան։ 

 Այս  մասին իմացանք  lebanon 24   կայքէն,  որ  այս  առթիւ հանրութեան ներկայացուցած է Ուասուֆի   անդրանիկ զաւակին   Ժորժ Ուասուֆ  Ճունեորի    պսակի  ուրախութեան հաւաքէն կարգ մը դրուագներ։ 

Կը նշուի նաեւ, որ   պսակի արարողութիւնէն ետք եղած  հաւաքին  լուսանկարները եւ տեսանիւթը առաջինը  տարածած  է  Լիբանանահայ   անուանի լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեան, որ կը համարուի  Ուասուֆի  մտերիմ լրագրողներէն մին։