image

Լիբանանցի քաղաքացիներ կրակի տուած են «Պէյրութ պանք»ի մէկ մասնաճիւղը

 Լիբանանցի  քաղաքացիներ  կրակի տուած են  «Պէյրութ պանք»ի մէկ մասնաճիւղը

Տասնեակ լիբանանցիներ յարձակում գործած են «Պէյրութ պանք» դրամատան Սին Ալ Ֆիլ շրջանի մասնաճիւղին ուղղութեամբ։

Այս մասին   «Արեւելք» տեղեկացաւ  լիբանանեան լրասփիւռներէ։

 Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ աւանդատէր քաղաքացիներ անիւներ վառած եւ դրամատան արտաքին փեղկերու ապակիները փշրած են։

Անոնք կը պահանջեն իրենց դրամական աւանդները,  եւ այս տագնապը արդէն իսկ երկու տարուան կեանք ունի տնտեսական բարդ փուլի մը առջեւ յայտնուած Լիբանանի մէջ։