image

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շուրջ 20 հայ կայ. Ալիեւ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շուրջ 20 հայ կայ. Ալիեւ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ըստ վերջին տուեալներու, շուրջ 20 հայ կայ։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

«Անոնք, որոնք մնացած են, կը շարունակեն ընկերային օգնութիւն ստանալ Ատրպէյճանէն, ընկերային ապահովութեան նախարարութենէն։ Բուժում, մթերք ... անոնց կեանքն այնտեղ լիովին ապահովուած է», - հաւաստիացուցած է Ալիեւը Համառուսաստանեան պետական հեռուստառատիոընկերութեան եւ «ՌԻԱ Նովոսթի»ին տուած հարցազրոյցին։

Յիշեցնենք` ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան տուեալներով՝ 2023 թուականի սեպտեմբերէն ետք Արցախէն 115 365 մարդ բռնի տեղահանուած է։ Անոնցմէ շուրջ 4400–ը ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է։