image

Լեցուն դահլիճ եւ ջերմ ընդունելութիւն. «Աստղերու հաւատքով» արեւմտահայերէն ներկայացումը վերադարձաւ բեմ

Լեցուն դահլիճ եւ ջերմ ընդունելութիւն. «Աստղերու հաւատքով» արեւմտահայերէն ներկայացումը վերադարձաւ բեմ

Յունիս 12-ին, Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի դահլիճը լեցուն էր հանդիսատեսով․ հարիւրաւոր մարդիկ եկած էին ականատեսը դառնալու արեւմտահայերէն «Աստղերու հաւատքով» բանաստեղծական թատերախաղի նորացուած ու թարմացուած տարբերակի հայաստանեան անդրանիկ ցուցադրութեան։ Ներկայացումը արժանացաւ բացառիկ ջերմ ընդունելութեան, երկարատեւ ծափողջոյններու եւ մեծ արձագանգ ձգեց ներկաներու հոգիներուն մէջ։

Ասիկա հայաստանեան բեմին վրայ արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու հիման վրայ գրուած առաջին թատերախաղն է, որ իր նոր շունչով ու բեմական լուծումներով կրկին գրաւեց հանրութեան սիրտը։

Ներկայացման հիմքը սփիւռքահայ ժամանակակից բանաստեղծ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վիգէն Յովսէփեանի (ԱՄՆ) «Աստղերու հաւատքով» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն է, որ լոյս տեսած է 2023-ին։ Գիրքը, որ արդէն մեծ յաջողութիւն գտած էր ինչպէս Սփիւռքի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ, դրամայի ժանրով վերածուած է ինքնատիպ պոետիկ ներկայացման մը։ Յատկանշական է, որ թատերախաղի այս նորացուած ու թարմացուած տարբերակը արդէն իսկ մեծ յաջողութեամբ ցուցադրուած ու ներկայացուած էր ԱՄՆ-ի մէջ, նոյնպէս արժանանալով տեղի հանդիսատեսի ջերմագին ընդունելութեան, իսկ յունիս 12-ի երեկոն նշանաւորուեցաւ անոր հայաստանեան անդրանիկ բեմելով։

Յատկանշական է, որ երեւանեան ներկայացման ներկայ հանդիսատեսներուն մէջ  ալ զգալի թիւ կը կազմէին սփիւռքահայերը, որոնց համար հոգեհարազատ ու խորապէս յուզիչ էին բեմէն հնչող ապրումները։ Թատերախաղի հերոսներուն միջոցով վերհանուած հիմնախնդիրները՝ ծննդավայրի կարօտը, հայրենիքի ընկալումը, արտագաղթի ցաւը, լեզուի ու ինքնութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ օտար երկիրներու եւ մեծ աշխարհի տարածքին սփիւռքահայի ինքնութեան փնտռտուքը, անմիջականօրէն արձագանգեցին անոնց սիրտերուն մէջ՝ վերածուելով հաւաքական յուզումի մը։ 

Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, մրցանակակիր դերասանուհի եւ բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեանի շնորհիւ, ներկայացումը ստացած է նոր փայլ։

Անոր կողքին, անուանի բեմանկարիչ Վիկտորիա Ռիեդօ-Յովհաննիսեանի կիրարկած տեսողական ինքնատիպ հնարքներն ու ձեւաւորումը հանդիսատեսը փոխադրեցին հեքիաթային ու խորհրդաւոր աշխարհ մը։ Այս ներկայացումը առիթ մըն է վայելելու արեւմտահայերէն խօսքի անզուգական երաժշտութիւնն ու հնչերանգը, որ կը բանայ բանաստեղծին ներաշխարհը՝ զգայուն, տրոփող, շշուկներով, ստուերներով  ու երազանքներով լեցուն։

«Աստղերու հաւատքով»-ը հանդիսատեսին պարգեւեց դադարի, խորհրդածութեան եւ ներքին լռութեան հազուագիւտ պահեր՝ կտրելով զանոնք արագացող ու աղմկոտ առօրեայէն։ Բեմը դարձած էր տեսակ մը հոգեւոր ապաստան, ուր կարելի էր լսել պատերազմի, սիրոյ, մօր խրատներուն եւ հայրենիքի մասին հնչող կարօտի ու հաւատքի ձայները։ Բանաստեղծի հոգիի գոյները խտացած էին բեմին վրայ՝ ծովուն կապոյտը, արեան կարմիրը, գրիչին թանաքագոյնը, գորգի թելերուն գոյնզգոյնը... որոնք ի վերջոյ դարձան համատարած ու լուսաւոր երազանքի սպասում։

Բանաստեղծի պոռթկումները, յոյզերն ու հիասթափութիւնները կենդանի շունչով ու բարձր արուեստով հանդիսատեսին փոխանցեցին Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի տաղանդաւոր դերասանները՝ Տաթեւիկ Ղազարեանը, Նարեկ Բաղդասարեանը, Միլենա Ղազարեանը, Յարութիւն Սարգսեանը եւ Անդրանիկ Միքայէլեանը։

Յունիս 12-ի երեկոն երկար պիտի յիշուի ներկաներու կողմէ որպէս հանդիպում մը լեզուի, յիշողութեան, ինքնութեան հետ։