Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանին իր ելոյթին ընթացքին քննադատութիւններ հնչեցուցած է Իրանի, Եւրոպական եւ տարածաշրջանային երկիրներու հասցէին։
Ան յայտարարած է, որ Իրանի միջուկային կառոյցներու ոչնչացումը շատ բարդ գործողութիւն եղած է, սակայն զայն համարած է իր կայացուցած «ամէնէն դիւրին որոշումներէն մէկը»։
Անոր ելոյթէն հատուածներ մէջբերած է The Times of Israel-ը։
Նաթանիահուի ելոյթին ընթացքին շարք մը երկիրներու պատուիրակութիւններ լքած են նիստերու դահլիճը։
«Եթէ մենք այդ մէկը չընէինք, բոլորս մահացած պիտի ըլլայինք», յայտարարած է ան՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլ, ինքզինք պաշտպանելով, պաշտպանած է նաեւ այն երկիրներէն շատերը, որոնց պատուիրակութիւնները լքած են դահլիճը։ «Իրականութեան մէջ, կ՚ուզեմ, որ գիտնաք, թէ անոնց ղեկավարներէն շատերը նոյնիսկ մասնաւորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեն մեզի՝ Իրանի միջուկային կառոյցները ոչնչացնելու համար»,-ըսած է ան։
Ան նաեւ պնդած է, որ «օր մը, եւ հաւանաբար այդ օրը հեռու չէ», Իրանի կառավարութիւնը «պիտի տապալի»։
Նաթանիահու նաեւ նշած է, որ Իսրայէլի նման փոքր երկիր մը երեք տարիէ ի վեր եօթը ճակատներու վրայ պատերազմ կը մղէ «Համաս»-ի, «Հըզպալլա»-ի, հուսիներու, Իրանի, Իրաքի աշխարհազօրայիններու, Սուրիոյ աշխարհազօրայիններու եւ Արեւմտեան ափին գործող «պաղեստինցի ահաբեկիչներու» դէմ։
Նաթանիահու քննադատած է նաեւ եւրոպական երկիրները, որոնք վերջերս յայտարարած են Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին իսրայէլեան բնակավայրերուն նկատմամբ պատժամիջոցներ սահմանելու մասին։
Բացի այդ, Նաթանիահու քննադատած է Նիւ Եորքի քաղաքապետ Զոհրան Մամտանին՝ զինք մեղադրելով հակասեմականութեան համար։
Ան յայտարարած է, որ Քաթար «միլիառաւոր տոլարներ կը ծախսէ սուտեր տարածելու համար», իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանը անուանած է «բռնակալ»՝ նշելով, որ ան կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, գրաւած է Հիւսիսային Կիպրոսը եւ բանտարկութեան կ՚ենթարկէ լրագրողներ ու ընդդիմադիրներ։