Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով պիտի այցելէ Ատրպէյճան։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, յղում ընելով Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ իրենց աղբիւրին:
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին Ատրպէյճան Լաւրովի այցի համար։ Արտաքին գործոց նախարարի այցը Պաքու պիտի կայանայ փետրուարի վերջին, ստոյգ ժամկէտը դեռ որոշուած չէ։