image

Լաւրով Պաքու պիտի այցելէ

Լաւրով Պաքու պիտի այցելէ

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով պիտի այցելէ Ատրպէյճան։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, յղում ընելով Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ իրենց աղբիւրին:

Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին Ատրպէյճան Լաւրովի այցի համար։  Արտաքին գործոց նախարարի այցը Պաքու պիտի կայանայ փետրուարի վերջին, ստոյգ ժամկէտը դեռ որոշուած չէ։