Ալասքայի մէջ կայացած գագաթնաժողովին, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Տանըլտ Թրամփը քննարկած են Ուքրանիոյ վերաբերեալ Ուաշինկթընի առաջարկները, որոնք ընդունուած են ռուսական կողմէն։ Հետեւաբար, ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի կողմէ Անքորիճի մէջ իբրեւ թէ որեւէ համաձայնագիր չըլլալու մասին խօսքը այնքան ալ տեղին չէ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։
«Երբ իմ գործընկեր Մարքօ Ռուպիոն կ՚ըսէ, որ Ալասքայի մէջ միայն առաջարկներ եղած են, իսկ համաձայնագիր չէ գոյացած, ինծի մօտ հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ կը հասկնանք «համաձայնագիր» ըսելով։ Եթէ մէկ կողմը, այս պարագային՝ Միացեալ Նահանգները, սեղանին դրած է կարգաւորման վերաբերեալ իր առաջարկները՝ այն մասին, թէ ինչպէս մօտենալ այս ճգնաժամին, իսկ միւս կողմը յայտնած է իր համաձայնութիւնը այդ առաջարկներուն, ապա ըսել, թէ համաձայնութիւն չէ եղած, ինչ-որ իմաստով այնքան ալ տեղին չէ»,– լրագրողներուն ըսած է Լաւրովը։
Սերկէյ Լաւրով կոչ ուղղած է յստակութիւն մտցնելու Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ Միացեալ Նահանգներու դերի վերաբերեալ իրավիճակին մէջ։
«Անշուշտ, անհրաժեշտ է յստակութիւն մտցնել ամբողջ այս իրավիճակին մէջ։ Սակայն փաստը կը մնայ փաստ, որ Ալասքայի մէջ քննարկուած են Միացեալ Նահանգներու առաջարկները, որոնք ընդունուած են ռուսական կողմէն»,– նշուած է Լաւրովի մեկնաբանութեան մէջ։
Աւելի վաղ Ռուպիոն յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Տանըլտ Թրամփը Անքորիճի հանդիպման Ուքրանիոյ կարգաւորման վերաբերեալ վերջնական համաձայնութեան չեն հասած։ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարին խօսքով՝ Ալասքայի մէջ համաձայնագիր չէ եղած, այլ եղած է առաջարկ։