Էմանուէլ Մաքրոն պիտի դառնայ Ֆրանսայի առաջին նախագահը վերջին 17 տարիներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի առաջին ղեկավարը, որ 2024-ի Դեկտեմբերին Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումէն ետք պիտի այցելէ Սուրիա։ Այցի ճշգրիտ թուականները դեռ չեն որշուած։ Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական պետական SANA գործակալութիւնը։
Կը նախատեսուի, որ Մաքրոնը եւ Ահմետ Շարըհ, որ 2025-ի Յունուար 29-էն ի վեր կը վարէ Սուրիոյ անցումային շրջանի նախագահի պաշտօնը, բանակցին երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման շուրջ, ինչպէս նաեւ քննարկեն փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր։ Մաքրոնի հետ Սուրիա պիտի ժամանէ նաեւ ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներէ եւ ներդրողներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը։
Մաքրոնն ու Շարըհը մինչ այժմ հանդիպած են երկու անգամ։ 2025-ի Մայիսին Սուրիոյ ժամանակաւոր նախագահը, Ֆրանսայի նախագահի հրաւէրով, այցելած էր Փարիզ։ Ելիզեան պալատին մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած էին երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ համագործակցութեան ընդլայնման հարցերը։ Իսկ Սեպտեմբերին երկու երկիրներու ղեկավարները դարձեալ հանդիպած էին Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նստաշրջանի շրջածիրէն ներս։
Ասատի վարչակարգի տապալումէն ետք Սուրիա այցելած առաջին պետութեան ղեկավարը Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պըն Համատ ալ-Թանին էր, որ 2025-ի Յունուարի վերջը ժամանած էր Դամասկոս։ 2026-ի Յունուարի սկիզբը Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը եւս Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցած էր Ահմետ Շարըհի հետ։ Ապրիլին ալ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին այցելած էր այդ մերձաւորարեւելեան երկիրը։