image

Լաւրով. «Ռուսիան պիտի հարուածէ Քիեւը ». Վերջինս այդ մասին խօսած է Ռուպիոյի հետ 

Լաւրով. «Ռուսիան պիտի հարուածէ Քիեւը ». Վերջինս այդ մասին խօսած է Ռուպիոյի հետ 

Լաւրով Ռուպիոն տեղեկացուցած է, որ Ռուսիոյ Զինուած ուժերը կը սկսի համակարգուած հարուածները Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու կողմէ օգտագործուող կառոյցներուն դէմ, որոնք կը գտնուին Քիեւի մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն։

«Մայիս 25-ին հեռաձայնային զրոյց տեղի ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Ս. Վ. Լաւրովի եւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մ. Ռուպիոյի միջեւ։

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վ. Վ. Փութինի յանձնարարութեամբ Ս. Վ. Լաւրով պաշտօնապէս ամերիկեան կողմին փոխանցած է այն տեղեկութիւնը, որ Ռուսիոյ տարածքին մէջ խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքացիական կառոյցներու դէմ քիեւեան վարչակարգին շարունակուող ահաբեկչական յարձակումներուն ի պատասխան՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան զինուած ուժերը կը սկսին համակարգային եւ հետեւողական հարուածներ հասցնել Քիեւի մէջ գտնուող այն կառոյցներուն, որոնք կը գործածուին Ուքրանիոյ զինուած ուժերու կարիքներուն համար, ինչպէս նաեւ համապատասխան որոշումներու կայացման կեդրոններուն։ Ս. Վ. Լաւրով ուշադրութիւն հրաւիրած է Ռուսիոյ ԱԳՆ-ի մայիս 25-ի յայտարարութեան վրայ, որով ԱՄՆ-ին, ինչպէս նաեւ Քիեւի մէջ ներկայացուցչութիւն ունեցող միւս պետութիւններուն, յանձնարարուած է ապահովել ուքրանական մայրաքաղաքէն իրենց դիւանագիտական անձնակազմի եւ այլ քաղաքացիներու տարահանումը։

Նախարարը յիշեցուցած է ԱՄՆ-ի առաջարկով 2025 թուականի օգոստոսին Անքորիճի մէջ բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները ուքրանական հակամարտութեան վերաբերեալ եւ ափսոսանք յայտնած, որ եւրոպական վերանախաւի եւ քիեւեան վարչակարգի յամառ ջանքերը կը խաթարեն նշեալ պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ճանապարհ կը բանային շահերու հաւասարակշռութեան հիման վրայ կայուն եւ երկարաժամկէտ կարգաւորման համար։

Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները միտքեր փոխանակած են Հորմուզի նեղուցին մէջ տիրող ճգնաժամի յաղթահարման ուղղուած դիւանագիտական նախաձեռնութիւններու գնահատականներուն, ինչպէս նաեւ Քուպայի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։

 

Ս. Վ. Լաւրովն ու Մ. Ռուպիոն վերահաստատած են փոխադարձ պատրաստակամութիւնը՝ հակառակ յայտնի տարաձայնութիւններուն, աշխուժացնելու ջանքերը իրար տարածքներուն մէջ Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աշխատանքային պայմաններու կարգաւորման ուղղութեամբ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։