Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին, բազմաթիւ այլ հարցերու կողքին քննարկուեցաւ նաեւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամը:
Նիստէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ Լաչինի միջանցքով երաշխաւորելու ապահով եւ ազատ տեղաշարժ:
«Մենք կոչ կ'ընենք ատրպէյճանական իշխանութիւններուն Լաչինի միջանցքով ապահովելու անվտանգ եւ ազատ տեղաշարժ»,- յայտարարած է Պորելը Սպանիոյ Թոլետոյի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք։