image
Հրատապ լուրեր:

Լաչինի միջանցքի շրջափակումը պէտք է վերացուի, եւ բոլոր ապօրինի անցակէտերը պէտք է հեռացուին․ Քովաչեւ

Լաչինի միջանցքի շրջափակումը պէտք է վերացուի, եւ բոլոր ապօրինի անցակէտերը պէտք է հեռացուին․ Քովաչեւ

Ուրախալի է տեսնել առաջընթաց Շառլ Միշելի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու որոշ կարեւոր կէտերու շուրջ։ Այս մասին Twitter-ի իր էջին գրած է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր, Հայաստանի հարցով մշտական զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւը։

«Երկու երկիրներու միջեւ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին, մինչդեռ զուգահեռաբար պէտք է որքան հնարաւոր է շուտ վերացուի Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, եւ բոլոր ապօրինի անցակէտերը պէտք է հեռացուին: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը պէտք է մարդասիրական օգնութեան եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու հասանելիութիւն ունենայ, որ խուսափի լայնամաշտապ մարդասիրական ճգնաժամէն»,- գրած է եւրոպացի պատգամաւորը։