Երեւանի մէջ 22 Հոկտեմբերի ցերեկը եւ 25 Հոկտեմբերի երեկոյեան անձրեւ կը սպասուի, հաւանական է նաեւ ամպրոպ։ Ամպրոպի ընթացքին քամին կրնայ ուժգնանալ՝ հասնելով վայրկեանը 17-20 մեթրի։ Հոկտեմբեր 23-24-ին, 25-ի գիշերը եւ 26-27-ին տեղումներ չեն սպասուիր։
Այս մասին կը յայտնեն Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան «Հիտրոօդերեւութաբանութեան եւ մոնիթորինգի կեդրոն»էն։
Հոկտեմբեր 22-ի ցերեկը հանրապետութեան շրջաններուն մեծ մասին մէջ, 23-ի գիշերը, 25-ի կէսօրէն ետք եւ 26-ի գիշերը առանձին շրջաններու մէջ անձրեւ կը սպասուի, հաւանական է նաեւ ամպրոպ։ Հոկտեմբերի 22-ի ցերեկը առանձին շրջաններու մէջ անձրեւները տեղ-տեղ կրնան ըլլալ տեղատարափ, հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։ Հոկտեմբեր 23-ի ցերեկը, 24-ին, 25-ի գիշերը, 26-ի ցերեկը եւ 27-ին տեղումներ չեն սպասուիր։
Քամին պիտի փչէ հարաւ-արեւմուտքէն՝ վայրկեանը 2-5 մեթր արագութեամբ։ Հոկտեմբեր 22-ին առանձին վայրերու մէջ քամին կրնայ ուժգնանալ՝ հասնելով վայրկեանը 18-23 մեթրի։
Օդի ջերմաստիճանը Հոկտեմբեր 22-ի ցերեկը պիտի նուազի 4-5 աստիճանով։