image
Հրատապ լուրեր:

Կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ

Կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ

Երեւան քաղաքին մէջ՝

Մայիս 16-20-ին ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի նաեւ քամիի ուժգնացում՝ 17-20մ/վ արագութեամբ։

 

Հանրապետութեան տարածքին`

Մայիս 16-ին եւ 19-ին ժամանակ առ ժամանակ շրջաններու զգալի մասին մէջ, 17-18-ին եւ 20-ին առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, տեղ-տեղ հնարաւոր է նաեւ կարկուտ: Մայիս 16-ի եւ 17-ի գիշերը եւ առաւօտեան ժամերուն տեղումները առանձին լեռնային շրջաններու մէջ պիտի ըլլան թաց ձիւնի տեսքով։

Քամին`արեւմտեան`2-5 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի նաեւ քամիի ուժգնացում՝ 18-23 մ/վ արագութեամբ։

Օդի ջերմաստիճանը մայիս 16-ի ցերեկային ժամերուն աստիճանաբար պիտի նուազի 5-8 աստիճանով, մայիսի 17-18-ին աստիճանաբար նոյնքան պիտի բարձրանայ։