Օրերս ԱՄՆ-ի մէջ լոյս տեսած է ՌԱԿ-եան հանրայայտ գործիչ, «Պայքար» թերթի խմբագրակազմի անդամ՝ Յակոբ Վարդիվառեանի «Համապարփակ պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» խորագրեալ նոր հատորը։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Պայքար»էն։

Նշենք նաեւ, որ արմատներով լիբանանահայ Յակոբ Վարդիվառեան, որ երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Նիւ Եորքի մէջ, անխոնջ եւ ներհուն մտաւորական է։
Անոր գրիչին կը պատկանին ՌԱԿ-ի առանցքային գործիչներու նուիրուած մենագրութիւններ, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան մասին բազմաթիւ աշխատութիւններ։