image

Կիւմրիի միջադէպին հետեւանքով կալանաւորուած երիտասարդները պիտի մնան կալանքի տակ

Կիւմրիի միջադէպին հետեւանքով կալանաւորուած  երիտասարդները պիտի մնան  կալանքի տակ

Շիրակի մարզի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը անփոփոխ թողած է Մայիս 8-ին Կիւմրիի Երեւանեան խճուղիին մէջ ընդդիմութեան ինքնաշարժի երթի ընթացքին տեղի ունեցած միջադէպին  գործով մեղադրեալներ Տարօն Մանուկեանի, Արսէն Մարտոյեանի, Գոռ Մաթեւոսեանի, Գոռ Սարգսեանի, Գէորգ Մուրատեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը:

Յիշեցնենք, որ ըստ Քննչական կոմիտէի տարածած հաղորդագրութեան` քննութեամբ ձեռք բերուած փաստական տուեալներու համաձայն` 2022 թ․ Մայիս 8-ին` ժամը 12:30-ի սահմաններուն Կիւմրի քաղաքի Երեւանեան խճուղիին մէջ գտնուող հասարակական փոխադրութեան կանգառ, ինքնաշարժի երթի մասնակիցները նշուած կանգառին կանգնած` երթի ընթացքին հետեւող տարեց տղամարդոց կոչ ըրած են միանալու իրենց: Ստանալով բացասական պատասխան` երիտասարդները վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչեցուցած են, այնուհետեւ իջնելով ինքնաշարժէն` մօտեցած են յիշեալ տարեց տղամարդոց, սկսած են վիճաբանիլ անոնց հետ, հայհոյանքներ հնչեցուցած են, ձեռքերով եւ ոտքերով հարուածներ հասցուցած են անոնց մարմնի տարբեր մասերուն:

Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ` 7 անձի մեղադրանք առաջադրուած է` ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 258-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով: Մեղադրեալներէն հինգը կալանաւորուած են: