image

Հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հրետակոծութեան հետեւանքով երկու մարդ վիրաւորուած է

Հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հրետակոծութեան հետեւանքով երկու մարդ վիրաւորուած է

 

Իսրայէլեան հրետանիի կրակոցներուն հետեւանքով երկու հոգի վիրաւորուած է Լիբանանի հարաւը։

Վիրաւորում ստացած երկու անձինք տուժած են Նապաթիէի նահանգի Պընթ Ժըպէյլի շրջանի Շաքրա բնակավայրի ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներուն հետեւանքով եւ տեղափոխուած են Թեպնինի հիւանդանոց։

Այս մասին կը հաղորդէ «Al Jazeera»ն։

Իսրայէլեան հրետանային արկեր ինկած են նաեւ Շաքրայի մերձակայքը գտնուող Ուատի Նահլա շրջանին մէջ։