image

Փաքիստանի մէջ մզկիթի մօտ տեղի ունեցած պայթյnւմի հետեւանքով զnhուած է 15 մարդ

Փաքիստանի մէջ մզկիթի մօտ տեղի ունեցած պայթյnւմի հետեւանքով զnhուած է 15 մարդ

Փաքիստանի հիւսիս-արեւմուտքը՝ Խայպեր-Փախթունխվա նահանգին մէջ, ուրբաթօրեայ աղօթքի ժամանակ մզկիթի մօտ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով առնուազն 15 անձ զոհուած է, իսկ 50-ը՝ վիրաւորուած։

Այս մասին յայտնած է «Geo TV» հեռուստակայանը։

Ըստ տեղեկութիւններուն՝ մզկիթը կը գտնուի ոստիկանական բաժանմունքի հարեւանութեամբ։ Պայթումին հետեւանքով մզկիթի պատերէն մէկը փլուզած է։

Դէպքի վայրին մէջ փրկարարական աշխատանքներ կը կատարուին։ Վիրաւորները հիւանդանոց փոխադրուած են։