image

Կիւմրիի եւ  Փարաքարի ընտրութիւններ. ԿԸՅ

Կիւմրիի եւ  Փարաքարի ընտրութիւններ. ԿԸՅ

Այսօր Երեւանամեր Փարաքար շրջանին եւ Հայաստանի երկրորդ քաղաք հանդիսացող Գիւմրիի մէջ ընթացք առած համայնքային ընտրութիւնները կը շարունակուին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ՀՀ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովէն։

Ստորեւ մինչեւ առաւօտեան ժամը 11:00-ը  եղած ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները։

Ժամը 11:00-ի դրութեամբ, Արմաւիրի մարզի Փարաքար համայնքի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցած է 3,094 ընտրական իրաւունք ունեցող անձ կամ ընտրողներու 14.76%-ը: Փարաքարի մէջ ընտրական իրաւունք ունի 20,967 անձ:

Շիրակի մարզի Գիւմրի համայնքի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, մասնակցած է 8,100 ընտրող կամ ընտրական իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու 7.28%-ը: Գիւմրի համայնքի մէջ ընտրական իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու թիւը 111,236 է:

Երկու համայնքներու մէջ միասին քուէարկութեան մասնակցած է 11,194 ընտրող կամ ընտրական իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու 8.47%-ը: