image

Հայաստանի Ընտրութիւններ. Շնորհաւորական ուղերձ Հնչակեան կուսակցութենէն

Հայաստանի Ընտրութիւններ. Շնորհաւորական ուղերձ Հնչակեան կուսակցութենէն

Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը շնորհաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիները յունիս 7–ին Հայաստանի մէջ կայացած ընտրութիւններու կապակցութեամբ։

Շնորհաւորական ուղերձն ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ․

«Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիները հերթական արդար, ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններու առթիւ։

Հակառակ աննախադէպ եւ բացայայտ արտաքին միջամտութեան, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր շարք մը ուժերու կողմէ լայնածաւալ ընտրակաշառքի եւ այլ անթոյլատրելի միջոցներու կիրառման՝ Հայաստանի քաղաքացին իր քուէի ուժով գերադասեց ինքնիշխանութիւնը՝ գաղութացումէն, հարեւաններու հետ խաղաղ գոյակցութիւնը՝ յարատեւ թշնամութենէն, եւ տնտեսական բազմազանութիւնը՝ մէկ շուկայէ կախուածութենէն։

Այս առթիւ կը շնորհաւորենք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը՝ այս վճռորոշ ընտրութիւններուն արձանագրած տպաւորիչ յաղթանակի կապակցութեամբ։ Միաժամանակ կ՚ուզենք արձանագրել, որ վարչապետին ու անոր խումբին անգամ մը եւս վստահելով երկրի կառավարման ղեկը՝ Հայաստանի քաղաքացին կը վերահաստատէ այն իրողութիւնը, որ հայրենիքը կը գտնուի ճիշդ ուղիի վրայ եւ կ՚ակնկալէ խաղաղութեան գործընթացի շարունակութիւն, Եւրոպական միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական ու տնտեսական յարաբերութիւններու խորացում, ինչպէս նաեւ բնակչութեան բարօրութեան եւ կենսամակարդակի բարելաւման ուղղուած ծրագիրներու իրագործում։

Եթէ 2021 թուականի ընտրութիւններու ժամանակ հայրենիքի գլխուն Տամոկլեան թուրի պէս կախուած էր գոյութենական վտանգը, ապա այսօր երկիրն ու տարածաշրջանը յամրաքայլ կը մտնեն խաղաղութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան նոր դարաշրջան, ուր Հայաստանին վերապահուած է կարեւոր դերակատարութիւն։ Սակայն վերջինս կը պահանջէ խելամիտ եւ կշռադատուած որոշումներ թէ՛ գործադիր իշխանութեան, թէ՛ Ազգային ժողովի կողմէ։ Հետեւաբար, լիայոյս ենք, որ թէժ ընտրապայքարի արդիւնքով ձեւաւորուած նոր Ազգային ժողովը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ օրէնսդրական աշխատանքի, ուր ընդդիմութիւնը եւս պիտի ունենայ իր կարեւոր ներդրումը՝ փոխանակ նախկինի նման անտեղի հետապնդելու իշխանափոխութեան ամուլ նպատակը»։