Երկրի դատախազութիւնը դիմած է Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան՝ խնդրելով փակել HDP-ն՝ վկայակոչելով կուսակցութեան հաւանական կապերը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ:
«Ես այդ շատ սխալ կը համարեմ»,- նշած է նախկին նախագահը՝ աւելցնելով, որ «այս քայլը թրքական կառավարութեան վրայ բեռ պիտի դառնայ, որ վերջերս խոստացած էր քաղաքացիական բարեփոխումներ իրականացնել»:
Նախորդ փորձը ցոյց տուած է, որ կուսակցութիւններու փակումը եւ անձեռնմխելիութենէն զրկումը նպաստած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու զարգացման: Կիւլի խօսքով՝ ահաբեկչութեան դէմ կարելի է պայքարիլ միայն ժողովրդավարութեան ամրապնդմամբ եւ մարդու իրաւունքներու վերականգնմամբ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ (2011-2015 թուականներուն) Այքան Էրտեմիրի կարծիքով՝ Կէորկէորլիօղլուի վրայ Էրտողանի կառավարութեան խուճապահար յարձակման պատճառը շփոթմունքն է, որ ան առաջացուցած է որպէս ազգութեամբ թուրք պահպանողական սիւննի իսլամ, որու ներկայութիւնը HDP-ի մէջ կը հերքէ Էրտողանի այն պնդումները, թէ կուսակցութիւնը հակաթրքական եւ հակաիսլամական է: