Տեղի ունեցած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Բարենորոգման խորհուրդի առաջին նիստը, գրած է Նիկոլ Փաշինեանը։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Բարենորոգման խորհուրդը (այսուհետեւ Խորհուրդ) գումարած է իր առաջին նիստը, որու ընթացքին քննարկուած են Եկեղեցւոյ բարենորոգման գործընթացի հիմնական ուղղութիւնները, կազմակերպչական քայլերը եւ առաջիկայ աշխատանքներու շրջանակը՝ հիմք ընդունելով հիմնադիր յայտարարութեամբ ձեւակերպուած սկզբունքներն ու նպատակները։
Խորհուրդը կարեւորած է գործընթացի իրականացումը ներառականութեան, հանրային վստահութեան, թափանցիկութեան եւ պատասխանատւութեան սկզբունքներով՝ ընդգծելով հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու համախմբմանն ուղղուած քայլերու անհրաժեշտութիւնը։
Խորհուրդը ողջունած է Զուիցերիոյ Հայոց թեմի Առաջնորդական տեղապահ Գուսան ծայրագոյն վարդապետ Ալճանեանի որոշումը՝ միանալու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Բարենորոգման յայտարարութեանն ու ճանապարհային քարտէզին։
Առաջիկայ պատեհ առիթով Գուսան Ծայրագոյն Վարդապետ Ալճանեանը պիտի մասնակցի Խորհուրդի նիստի։ Նիստին քննարկուած են ճանապարհային քարտէզի անցնցում իրականացման ուղղուած գործողութիւնները եւ կայացուած են անհրաժեշտ որոշումներ։