ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին միացած եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հրաժարականը պահանջող եպիսկոպոսները պիտի չմասնակցին արտերկրի մէջ գումարուելիք Եպիսկոպոսաց ժողովին։ Անոնք յայտարարութիւն տարածած են, կոչ ըմնելով չեղարկելու այն, եւ որոշումը համարելով «երկպառակութիւն սերմանող որոշում», «արկածախնդրութիւն»։
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարենորոգման համակարգող խորհուրդը յայտարարութիւն տարածած է՝ կոչ ընելով միւս եպիսկոպոսներուն միանալու իրենց եւ չեղարկելու արտերկրի մէջ Եպիսկոպոսաց ժողովի կայացումը։
Կաթողիկոսին դէմ դուրս եկած եպիսկոպոսները յայտարարած են, որ այսօրուան «Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդն անվաւեր կառոյց է», քանի որ այն ընտրուած էր 2017-ին, եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովի կողմէ, չորս տարի ժամկէտով, որի գործունէութիւնն աւարտած է 2021-ին։ Պնդած են, որ ատկէ ետք անդամներու հեռացումներն ու լրացումները կատարուած են կաթողիկոսի կամայականութեամբ, ուստի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի որոշումները կանոնական չեն։
«Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նստավայրը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինն է, որը Հայ եկեղեցու նուիրապետութեան կեդրոնն է՝ ճանաչուած ե՛ւ քրիստոնեայ աշխարհի, ե՛ւ Հայ եկեղեցու նուիրապետական աթոռների կողմից։ Որպէս Մայր եկեղեցու հոգեւոր կեդրոն, այստեղ են ձեռնադրուել բոլոր եպիսկոպոսները։ Իր անկախութիւնն ամրապնդող Հայաստանի Հանրապետութեան պայմաններում Մայր աթոռ Սբ․ Էջմիածնում Եպիսկոպոսաց ժողով չգումարելու պատճառները չեն ներկայացուել, եւ այդ որոշումը հիմնաւորուած չէ։ Որեւէ մէկն իրաւունք չունի նման կարեւոր ժողովն օտար երկիր տեղափոխելով հեղինակազրկել Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ վարկաբեկել հայոց պետականութիւնը»,- յայտարարած են անոնք։
Նաեւ պնդած են, որ համակարգող խորհուրդի եւ անոր միացած եկեղեցականներու արծարծած խնդիրներուն Մայր աթոռի կողմէ առ այսօր որեւէ արձագանգ չէ եղած, ատոնց վերաբերեալ չէ ձեռնարկուած ոչ մէկ կանոնական գործընթաց։
Նշենք, որ Եպիսկոպոսաց ժողովը պիտի կայանայ փետրուար 16-19-ին Ասւտրիոյ Ս. Փեոլթեն քաղաքին մէջ։