Ընդդիմադիր Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութեան նախագահ, ՀՀ յատուկ յանձնարարութիւններով նախկին դեսպան (2022-24 թթ.) Էտմոն Մարուքեանը դատի տուած է ՀՀ կառավարութիւնը եւ կը պահանջէ անվաւեր ճանչնալ սահմանային դրոշմակնիքներու վրայէն Արարատ լեռան պատկերը հեռացնելու որոշումը։
ՀՀ կառավարութեան սեպտեմբեր 11-ի որոշմամբ՝ նոյեմբեր 1-էն ՀՀ պետական սահմանահատման կնիքի վրայ այլեւս պիտի չըլլայ Արարատ լեռան պատկերը։
Մարուքեան իր եութուպեան տեսաուղերձին մէջ ըսած է, որ դատարանէն պահանջած է «նաեւ հայցի ապահովման միջոց կիրառել եւ կասեցնել դրա գործադրումը, որ այն հիմա չկիրառուի մինչեւ որ դատարանը կը քննի եւ կը տեսնի, թէ որքանով է այդ որոշումը լեգիտիմ եւ որքանով այն չի հակասում ՀՀ օրէնսդրութեանը»:
Մարուքեանը պնդած է, որ այն կը հակասէ ՀՀ օրէնսդրութեան, քանի որ Զինանշանի մասին ՀՀ օրէնքին մէջ եւ Սահմանադրութեան մէջ յստակ կայ զինանշանի նկարագիրը (Յօդուած 21). «ՀՀ զինանշանն է. կեդրոնում՝ վահանի վրայ, պատկերուած են Արարատ լեռը՝ Նոյեան տապանով, եւ պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւնների զինանշանները։ Վահանը պահում են արծիւը եւ առիւծը, իսկ վահանից ներքեւ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերի խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն»։
Մարուքեանի խօսքով՝ կառավարութեան մէջ «ամաչել են գրել, թէ ինչու են հանում [Արարատ լեռը]»։ Ըստ անոր՝ իշխանութեան ներկայացուցիչները, այդ շարքին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը եւ այլք կասկածի տակ դրած են Արարարտ լեռան «լեգիտիմութիւնը»։
«Մեր անվտանգութեան ռազմավարութեան մէջ առանցքային է լեգիտիմութեան գործօնը. որ մենք ինքներս պէտք է ճանաչենք ու ճանաչում ենք ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը՝ իր միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքով եւ սահմաններով»,- սեպտեմբեր 18-ին յայտարարած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով Արարատ լեռը դրոշմակնիքներու վրայէն հանելու որոշման։ «Սա անում ենք, որովհետեւ ունենք ռազմավարութիւն՝ մեր պետութեան յարատեւութիւնն ապահովելու համար»,- ճեպազրոյցին ըսած է ան։
Նոյն օրը Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը յայտարարած էր, որ «չպիտի՛ պատիդ լինի նկար, որը հարեւանի մօտ այլ էմոցիա կ՚առաջացնի»։
Մարուքեանը յիշեցուցած է, որ թէեւ վարչապետ Փաշինեանն ըսած է, որ իրենց որոշման համար Թուրքիայէն որեւէ պահանջ չէ եղած, սակայն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած էր, որ Հայաստանը պէտք է հրաժարի Արարատ լեռը իր զինանշանի վրայ օգտագործելէ։
«Եթէ մենք թոյլ տանք, որ սահմանահատման կնիքի վրայից հանուի Արարատ լեռը, այս նոյն հիմնաւորումներով կը հանուի նաեւ զինանշանի վրայից: Սակայն զինանշանի վրայից հանելու համար պէտք է սահմանադրութիւն փոխեն, օրէնք փոխեն… մենք որպէս ՀՀ քաղաքացիներ, որպէս ժողովուրդ, մենք հանդուրժո՞ւմ ենք այս ամէն ինչը, մենք օքէ՞յ ենք սրա հետ, որ սա իրենք անեն»,-ըսած է Մարուքեան: