image

Խումբ մը եւրոպացի ղեկավարներ Քիեւ հասած են

Խումբ մը եւրոպացի ղեկավարներ Քիեւ հասած են

Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպըրկը նախապէս չյայտարարուած այցով ժամանած Է Քիեւ, ուր պիտի հանդիպի Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ: Այդ մասին յայտնած Է Puls 24 հեռուստաալիքը:

Հեռուստաաալքի տուեալներով՝ Շալենպըրկի հետ Ուքրանիա ժամանած են Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Իւան Քորոչոքը եւ Չեխիայի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Եան Լիփաւսքին: Նախարարներու ծրագրին մէջ նշուած Է հանդիպում Ուքրանիոյ վարչապետ Տենիս Շմիկալի եւ Ուքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Տմիթրի Քուլեպայի հետ:

Այլ տեղեկատուութիւն հեռուստաալիքը չէ յայտնած, կը հաղորդէ «ԹԱՍՍ»-ը: