image
Հրատապ լուրեր:

Խայտառակութիւն Հունգարիոյ համար ու գայթակղութիւն՝ Եւրոպայի․ Նաթալի Լուազոն՝ Օրպանի՝ Շուշի կատարած այցի մասին

Խայտառակութիւն Հունգարիոյ համար ու գայթակղութիւն՝ Եւրոպայի․ Նաթալի Լուազոն՝ Օրպանի՝ Շուշի կատարած այցի մասին

Լեռնային Ղարաբաղի Շուշի քաղաքին մէջ Հիւսիսային Կիպրոսի ներկայացուցիչի հետ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի մասնակցութիւնը Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթնաժողովին խայտառակութիւն է Հունգարիոյ համար։ Այս մասին իր X-ի էջին գրած է Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգային ու պաշտպանական հարցերով կոմիտէի նախագահ Նաթալի Լուազօն։

Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորի խօսքով՝ այս այցը գայթակղութիւն է Եւրոպայի համար:

«Արդե՞օք Հունգարիոյ վարչապետ Օրպանը կասկածի տակ կը դնէ Կիպրոսի խնդիրը», - գրած է ան՝ կից հրապարակելով Օրպանի՝ Շուշի այցէն լուսանկար։

Նշենք, որ աւելի վաղ ԵՄ-ն դժգոհած է Օրպանի՝ բռնագրաւուած Շուշիի մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովին մասնակցութենէն։ Այս մասին յայտարարած է ԵՄ արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը: