Երբ փոքր էի կ՚ակնկալէի տարեդարձիս առիթով խաղալիքներ ստանալ: Շատ կը նեղանայի նիւթական նուէրներէն, որոնք կը տրուէին մօրս, որպէս հագուստ- կապուստի գնողչէք: Մայրս՝ կարող- հիւսող կին էր, եւ ես օրին մէկը հագուստ- կապուստի պակաս չէի ունեցած: Աւելի կը բարկանայի, երբ նիւթական նուէրին կ՚ընկերակցէր քարտ մը, որուն ներառած գրութիւնը՝ առողջութիւն, երջանկութիւն, խաղաղութիւն եւ երկար կեանք կը մաղթէր: Եկուր ալ թռվռուն մանուկին, կամ առողջ պատանիին վերոնշեալ մաղթանքները յղէ եւ ակնկալէ, որ ան նշածներուդ իմաստը ըմբռնէ եւ ուրախանայ։
Մինչեւ որոշ ժամանակ մը ինծի համար խաղալիքէն անդին՝ առողջութիւն, երկար կեանք, երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն բառերը կլիշէ բառեր էին, նման այն ընդունուած բանաձեւին, երբ կարիքաւորին կ՚ըսեն. «Աստուած թող տայ» ( الله يعطيك) ու խեղճին ոչինչ տալով գլխերնէն կը ճամբեն:
Պատանուհի էի, երբ սկսաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Հրթիռներուն գոռոցը, պատճառած սարսափը, մեծաթիւ զոհերը, քանդումը եւ երկիրը հարուածող անհատնում տագնապները, ինծի յուշեցին խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը, որ մինչեւ օրս բաղձալի, բայց անհասանելի կը մնայ: Դեռ չեմ խօսիր մարդկային ներքին խաղաղութեան մասին, որ բազմաշերտ հոգեկան աշխարհի մը արձագանգն է եւ երջանկութեան համար խիստ կարեւոր բաղադրիչ մը:
Վեց տարի ականատես դարձայ Երիտասարդ մօրս տառապանքին եւ իմացայ, որ առողջութիւնը ամէնէն թանկարժէք սեփականութիւնն է: Քիչ ետք մօրս վաղահաս մահով եւ որբութեան պատճառած կսկիծով ըմբռնեցի կեանքին «արդար» տեւողութեան արժէքը: Թէեւ մօրս մահով չսահմանափակուեցան կորուստներս եւ ես կրկին ու կրկին ապրեցայ ցաւագին կորուստներ...:
Վերջապէս իմացայ, որ մարդուս երջանկութեան համար որքա՜ն անհրաժեշտ են խաղաղութիւնը, առողջութիւնը, սիրելիներու երկարատեւ կեանքը: Կարելի չէ երջանկութեան բաղադրիչները տարանջատել եւ կամ մէկը միւսէն աւելի, կամ պակաս արժեւորել։ Ընդհակառակը մէկը միւսին համար խիստ պայմանական է ու ամբողջացնող:
Զարմանալին այն է, որ այժմ ես քարտերուն վրայ կը գրեմ այն բաները, որոնց ընթերցումը անցեալին կը խրտչեցնէին զիս: Կը գրեմ միեւնոյն ատեն միտքովս կ՚ըսեմ. «Կը մաղթեմ, որ մանուկ Սիլվային նման գրածներս անհեթեթ նկատէք եւ դառն փորձառութիւններու ընդմէջէն անոնց կարեւորութիւնը չըմբռնէք: Հետեւաբար պատերազմներ չապրիք. առողջ ըլլաք. ձեր սիրելիներուն վատարողջութեամբ չտագնապիք ու անժամանակ կորուստներով չցաւիք»:
Մաղթանքներս անխտիր ձեր բոլորին համար են:
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան