Խաղաղութեան գլխաւոր խոչընդոտը կը մնայ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը։ Այս մասին թրքական Cumhuriyet պարբերականին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Թուրքիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Ռաշատ Մամետովը։
Դիւանագէտը, պատասխանելով հայ-թրքական սահմանի արգելափակման մէջ Պաքուի դերի մասին հարցին, նշած է, որ տարածաշրջանային կարգաւորման գործընթացները կ՚ընթանան զուգահեռաբար։ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ սահմաններու հնարաւոր բացումը ուղղակիօրէն կախեալ են խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումէն եւ Երեւանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններէն։ Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանն ու Թուրքիա կը համակարգեն իւրաքանչիւր դիւանագիտական քայլ եւ առաջ կը շարժին բացառապէս միասին։
Մամետով պնդած է, որ խաղաղութեան գլխաւոր խոչընդոտը կը մնայ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը, որուն մէջ Պաքուն տարածքային պահանջներ կը տեսնէ։ Դեսպանը վստահութիւն յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ Յունիս 7-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք պիտի կազմակերպուի սահմանադրական հանրաքուէ, որն ալ ի վերջոյ կողմերուն թոյլ պիտի տայ ստորագրութիւններով վաւերացնել արդէն իսկ նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրը։